2014-09-11 09:23:29

Հայր Փասքալ Պուրրի` նորանշանակ հոգեւոր հայր` Վատիկանի զուիցերական պահակագունդին։


Հայր Փասքալ Պուրրի, անեցալ մէկ Սեպտեմբերէն սկսեալ նշանակուած է ``հոգեւոր հայր`` Վատիկանի զուիցերական պահակագունդին։ Ան իր այս պաշտօնով կ`ուզէ իմաստ ու նշանակութիւն տալ 110 զուիցերացի զինուորներու կեանքին։
Զուիցերացի զինուորները կ`ապահովեն Սրբազան Քահանայապետի Կեանքին առօրեայ պաշտպանութիւնը։ Հայր Փասքալ Պուրրի պահակագունդին կ`երաշխաւորէ առօրեայ ծիսակատարութիւնը եւ իւրաքանչիւր պահակին հոգեւոր առաջնորդութիւնը։ Ան միաժամանակ հրամանատարին հետ միասին պատասխանատու է պահակներու աստիճանի բարձրացումին։ Պատասխանատու է նաեւ տարեկան ուխտագնացութեան դէպի Տիրամօր Լուրտի սրբավայրը։
Յայտնենք որ զուիցերական պահակագունդը առանձին աշխարհ մըն է Վատիկանի փոքրիկ պետութեան մէջ։ Բազմազբաղ ըլլալով աշխատանքի ժամերուն, յաճախ աշխարհէն կղզիացած կը մնան, հոգեւոր հօր պարտականութիւններէն մէկն է հսկել անոնց հոգեկան, մտային ու ֆիզիքական անվտանգութեան վրայ։
Հայր Փասքալ Պուրրի կը յաջորդէ գերապայծառ Ալէն Տէ Ռէմի, որ վեջերս եպիսկոպոս նշանակուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.